ԳՆԱՎ-ի կայքը կը բեռնուի

Մեր նոր կայքը՝

ԲԱՐԻ՛ ԳԱԼՈՒՍՏ

Բարի՛ գալուստ Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային վարժարանի ուսումնական նոր հանգրուան։ Մինչ կը պատրաստուինք ուսումնական նոր տարեշրջանին, մեր կայքէջը նոյնպէս կ՝ունենայ փոփոխութիւն։ Հակառակ անոր որ ամբողջական կայքէջը տակաւին կառուցման փուլի մէջ կը գտնուի, կը հրաւիրենք ձեզ ծանօթանալու մեր նոր տարբերանշանին եւ անոր խորհրդանիշերու պատմութեան։ Շուտով ձեզ դիմաւորելու ակնկալութեամբ՝ մեր բոլոր աշակերտներուն ու ընտանիքներուն կը մաղթենք յաջող եւ ստեղծագործ ուսումնական նոր տարեշրջան։

00ՕՐ
00ԺԱՄ
00ՎՐԿ
00ԵՐԿ
Մեկնարկ7 Սեպտեմբեր 2026, 07:00

Բացայայտեցէք ԳՆԱՎ-ի նոր տարբերանշանին իմաստը։

Հպեցէք կամ ընտրեցէք տարբերանշանին մէկ մասը՝ բացատրութիւնը տեսնելու համար։

Արծիւը

Հայկական, եգիպտական եւ ամերիկեան աւանդութիւններուն մէջ դարաւոր խորհրդանիշ մը հանդիսացող արծիւը կը ներկայացնէ իմաստութիւնը, զօրութիւնն ու բարձր ձգտումները: Ան պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին, Եգիպտոսի ազգային դրօշին եւ Միացեալ Նահանգներու մեծ կնիքին վրայ: Եգիպտոսի մէջ արմատաւորուած եւ ամերիկեան կրթական ապագայ մը որդեգրած հայկական վարժարանի մը համար արծիւը կը ծառայէ իբրեւ հզօր խորհրդանիշ մը՝ միաւորելով դպրոցի ինքնութեան այս երեք կողմերը:

Հայաստանի զինանշանի արծիւի օրինակ
Արծիւը՝ ընդգծուած ԳՆԱՎ-ի նոր տարբերանշանին վրայ